2013-02-26 14:20:40

Սուրիա։ Ուժգին Պայթում` Դամասկոսի Մէջ...


Երէկ՝ երկուշաբթի երեկոյեան հզօր պայթում մը ցնցեց Դամասկոս մայրաքաղաքը, որմէ ետք հրացանաձգութեան ձայներ լսուեցան Ապպասիին, Ժոպար եւ այլ շրջաններու մէջ այսպէս կը հաղորդէ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը։
Պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն , պայթումը արդիւնք էր Քապուն շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը, որ պատճառեց զոհեր եւ նիւթական վնասներ: Նշենք, որ Քապունի շրջանը կը գտնուի Դամասկոսի արեւելեան մուտքին, որ կը հասնի Ապպասիին հրապարակ, ուր տեղակայուած են անվտանգութեան կեդրոններ: Ըստ որոշ աղբիւրներու, թիրախ ընտրուած էր Քապունի «Ոստիկանութեան քոլեճ»-ը:
Պայթումէն ետք թեթեւ եւ միջին զէնքերով բուռն բախումներ տեղի ունեցան սուրիական բանակին եւ զինեալ խմբակներուն միջեւ Դամասկոսի արեւելեան կողմի Հարասթա, Ժոպար եւ այլ շրջաններուն մէջ, նաեւ զանազան թաղամասերու վրայ հրասանդի հրթիռներու հարուածներ արձանագրուեցան: Անվտանգութեան միջոցառումները ուժեղացան նշուած շրջաններուն շուրջ: Պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Իսլամական «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.